hyw.wikipedia.org

Պարոյր Մասիկեան — Ուիքիփետիա

  • ️Sun Oct 04 1914
Պարոյր Մասիկեան
Ծնած է 4 Հոկտեմբեր 1914
Ծննդավայր Ատանա, Ատանայի վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 5 Սեպտեմբեր 1989 (74 տարեկանին)
Մահուան վայր Գահիրէ, Եգիպտոս
Ուսումնավայր Պէրպէրեան Վարժարան
Փարիզի Համալսարան
Պրիւքսէլի ազատ համալսարան
Մասնագիտութիւն արձակագիր, թատերագիր, երաժիշտ
Աշխատավայր Յուսաբեր
Ջահակիր
Սփիւռք

Պարոյր Զաքարիայի Մասիկեան (4 Հոկտեմբեր 1914, Ատանա, Ատանայի վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն - 5 Սեպտեմբեր 1989, Գահիրէ, Եգիպտոս), հայ արձակագիր, թատերագիր, երաժիշտ։

Պարոյր Մասիկեանը սորված է Կ. Պոլսոյ Պէրպէրեան վարժարանին մէջ, այնուհետեւ՝ Փարիզի եւ Պրիւքսէլի համալսարաններուն մէջ։ 1936 թուականին հաստատուելով Գահիրէի մէջ, աշխատած է իբրեւ փաստաբան։ Աշխատակցած Է եգիպտահայ մամուլին («Յուսաբեր», «Արեւ», «Ջահակիր»), ինչպէս նաեւ Պէյրութի «Սփիւռք» շաբաթաթերթին:

Հրատարակած է պատմուածքներու ու կատակերգութիւններու («Մեր կեանքը», 1946, «Կոտրած խաչեր», 1959, «Տեղատարափ», |1962) ժողովածուներ:

«Խաչը», «Թոռնիկս», «Միլիոնը», «Աղջիկտես» կատակերգութիւնները ներկայացուած են Սփիւռքի բեմերուն վրայ։

Մասիկեան գրած է նաեւ «Էրզրումի կլոր պարը» կարճ թատրերգութիւնը, որ բեմադրուած է Գահիրէի, Նիւ Եորքի եւ այլ շրջաններու մէջ[1]:

  1. ով ով է. Հայեր. Կենսագրական հանրագիտարան, հատոր երկրորդ, Երեւան, 2007